Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի երկրորդական բաժանմունքի աշակերտները, Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2021-ի, առաւօտեան ժամը 8․00-ին, յարգանքի տուրք մատուցեցին 2020 Սեպտեմբերին Արցախ ուղղուած նուիրեալ երիտասարներու անմահ յիշատակին:
Վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան աշակերտներուն բարի գալուստի խօսք փոխանցելէ ետք, նշեց, որ 2020 Սեպտեմբեր 26-ը հայ ժողովուրդի համար վերջին խաղաղ գիշերը եղաւ, որովհետեւ հազարաւոր մատղաշ երիտաստարդներ յաղթանակի նշանաբանով մեկնեցան պատերազմի դաշտ, սակայն հանդիպելով դժոխային ոլորտի, ուսամբարձ վերադարձան եւ հանգչեցան եռաբլուրի եւ այլ գերեզմանատուներու մէջ: Ան ցաւով արտայայտուեցաւ մեծ կորուստին մասին՝ Արցախի պապենական դարաւոր հողեր եւ մարդկային անթիւ զոհեր, սակայն յոյսով յայտնեց, որ այսօրուան հաւաքը երաշխիք մըն է վաղուան յաղթանակին...
Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան իր կարգին անդրադարձաւ անցեալ տարուան արհաւիրքին մասին: Ան կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան, հայ քրիստոնեաներուն, որ խղճի քննութիւն կատարեն եւ իրենք իրենց հարց տան, թէ ինչո՞ւ կորսնցուցինք Արցախի հողերէն, ան պատասխանը ամփոփեց ըսելով «Մեր ուժը միասնականութեան մէջն է:» Աւելցուց, որ Արցախը կորսնցնելու հիմնական պատճառը այն է, որ չկրցանք միասնակամ ըլլալ... Միասնակամ ըլլալ կը նշանակէ ունենալ մէկ պայքար, մէկ տեսլական, մէկ միտք եւ մշակոյթ: Ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ պատմութեան էջ անցած այս ամենածանր կորուստը, թող դաս ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որպէսզի հասկնանք որ ազգիս համար աններելի է անհամաձայն ըլլալը:
Հայր Սեպուհ թելադրեց աշակերտներուն, թէ որ կուսակցութեան որ պատկանին կամ ակումբի մը մաս կազմեն՝ թշնամիին դէմ ունենան մէկ պայքար, ոչ միայն Ապրիլ 24-ին խօսքերով կամ լոզունքներով «Ո՛չ» ըսել թուրքին կամ թրքականին, այլ տարուան ամէն մէկ օր գործնական ու միասնական ուժով պայքար մղեն «Ո՛չ» ըսելու անիրաւութեան եւ արիւրաբու թշնամիին:
Աւարտին հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեցաւ անմահացած հերոսներուն յիշատակին: